1 Peter 4
1 Արդ, որովհետեւ Քրիստոս մեզի համար չարչարուեցաւ մարմինով, դուք ալ նոյն մտածումով զինուեցէք, որովհետեւ մարմինով չարչարուողը կը դադրի մեղանչելէ,
2 եւ այլեւս չ՚ապրիր մարդկային ցանկութիւններով, այլ՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն կ՚ապրի իր կեանքի մնացեալ ժամանակը։
3 Կը բաւէ՛ որքան անցեալին հեթանոսներուն կամեցած ձեւով ապրեցաք՝ անբարոյութեամբ, հեշտասիրութեամբ, գինեմոլութեամբ, անառակութեամբ, արբեցութեամբ եւ կռապաշտական անօրէն սովորութիւններով։
4 Հեթանոսներ տարօրինակ կը գտնեն, որ դուք իրենց պէս նոյն սանձարձակ զեղխութիւններուն չէք հետեւիր, եւ կը հայհոյեն ձեզի։
5 Բայց այդ բոլորին համար պատասխան պիտի տան Աստուծոյ, որ պատրաստ է դատելու ողջերն ու մեռեալները։
6 Ահա թէ ինչու՝ Քրիստոս գնաց եւ Աւետարանը մեռելներուն ալ քարոզեց, որպէսզի անոնք բոլոր մարդոց պէս իբրեւ մարմին մահուան դատապարտուելով հանդերձ՝ իբրեւ հոգի ապրին, ինչպէս Աստուած կ՚ապրի։
7 Ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. հետեւաբար զգաստ եւ արթուն եղէք, աղօթքի նուիրուելու համար։
8 Ամէն բանէ առաջ՝ սրտանց սէր ունեցէք իրարու հանդէպ, որովհետեւ «սէրը պատճառ կ՚ըլլայ որ ձեր բազմաթիւ մեղքերը ներուին» ։
9 Հիւրասիրութիւն ցոյց տուէք իրարու, առանց տրտնջալու։
10 Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իբրեւ Աստուծոյ բազմատեսակ պարգեւներուն իրաւ տնտես՝ իր ստացած շնորհքը ուրիշներուն թող մատակարարէ։
11 Խօսելո՞ւ պարգեւը ունի. թող Աստուծոյ պատգամները մատակարարէ։ Ծառայելո՞ւ պարգեւը ունի. թող ծառայէ՝ որքան որ Աստուած կարողութիւն կու տայ. որպէսզի ամէն ինչով Աստուած փառաւորուի, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ Անո՛րն են փառքը եւ զօրութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն ։
12 Սիրելինե՛ր, տարօրինակ մի՛ համարէք ոեւէ փորձութիւն, որ կրակի պէս կ՚այրէ ձեզ։ Անբնական բան մի՛ համարէք զայն,
13 այլ՝ Քրիստոսի չարչարանքներուն մասնակցութիւն նկատեցէք եւ ուրախացէ՛ք, որպէսզի երբ Քրիստոս իր փառքով յայտնուի՝ նոյնպէս ցնծութեամբ ուրախանաք։
14 Եթէ Քրիստոսի անունին համար նախատուիք՝ երանելի էք, որովհետեւ կը նշանակէ՝ թէ Աստուծոյ փառաւորիչ Հոգին ձեր վրայ հանգչած է։
15 Խօսքս անոնց մասին չէ, որոնք կը չարչարուին իբրեւ մարդասպան կամ գող, իբրեւ չարագործ կամ խառնակիչ։
16 Բայց ով որ քրիստոնեայ ըլլալուն համար կը չարչարուի՝ թող չամչնայ, այլ՝ իր այդ անունով զԱստուած փառաւորէ։
17 Որովհետեւ արդէն ժամանակն է որ դատաստանը սկսի, եւ սկսի Աստուծոյ տունէն։ Իսկ եթէ առաջին դատուողները մե՛նք պիտի ըլլանք, ի՞նչ պիտի ըլլայ վախճանը անոնց՝ որոնք Աստուծոյ Աւետարանին չեն հնազանդիր։
18 «Եթէ արդարը հազիւ կը փրկուի, անհաւատն ու մեղաւորը ի՞նչ պիտի ըլլան»։
19 Ուստի, անոնք որ Աստուծոյ կամքին համաձայն կը չարչարուին, թող շարունակեն բարեգործութիւն ընել եւ իրենց հոգիները յանձնեն Ստեղծիչին, որ իր խոստումներուն հաւատարիմ է։